2015-12-27 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը` Քուպացի գաղթականներուն ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 27 դեկտեմբեր 2015-ին արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին,  Ֆրանչսիկոս Պապ ողջունելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները ակնարկեց Կեդրոոնական Ամերիկայի մէջ Քուպացի գաղթականներուն ապրած իրողութեան ''կը մտաբերեմ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, գաղթական բազմաթիւ քուպացիները որոնք այս պահուս դժուարութեան մէջ են կեդրոնական Ամերիկայի մէջ, որոնցմէ շատերը թիրախ են մարդավաճառութեան''։  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւէր ուղղեց շրջանի Երկիրներուն  ''վեհանձնութեամբ նորոգելու հարկաւոր ճիգերը, հրատապ լուծում մը գտնելու համար, այս մարդկային ողբերգութեան''։

Սրբազան Հայրը ապա ողջունեց հրապարակի վրայ համախմբուած զանազան խումբերը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութիւններուն եւ աղօթքներուն համար ու ինչպէս միշտ խնդրեց որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.